2013-11-24 11:35:06

Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛եզրափակէ ''Հաւատոյ Տարին''` ''Քրիստոս արարչութեան, մարդ էակի եւ պատմութեան կեդրոնն է ու մեզի միշտ կը ներէ''


Կիրակի, 24 նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, Հաւատոյ Տարուայ փակման առթիւ գլխաւորած` Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ` ''Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի այսօրուայ տօնակատարութիւնը, որ ծիսական տարւոյն գագաթնակէտն է, կը նշէ նաեւ ''Հաւատոյ Տարուայ'' աւարտը, որ հռչակուած էր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն եւ որուն այժմ կը յայտնենք մեր սէրն ու երախտագիտութիւնը։ Իր այս նախախնամական կարգադրութեամբ, մեզի առիթ տուաւ վերագտնելու Հաւատքի ուղեւորութեան գեղեցկութիւնը որ սկիզբ առաւ աւազանի մկրտութեան խորհուրդով` որ մեզ դարձուց Աստուծոյ զաւակներ եւ Եկեղեցւոյ մէջ` իրարու եղբայրներ։ Ուղեւորութիւն մը որ ունի որպէս նպատակակէտ` Աստուծոյ հետ լիակատար հանդիպումը եւ որուն ընթացքին Սուրբ Հոգին մեզ կը բիւրեղացնէ, մեզ կը բարձրացնէ , մեզ կը սրբացնէ, թոյլ տալով որ մտնենք այդ երջանկութեան մէջ որուն մեր սիրտը կը ձգտի ։
Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն եւ աւագ եպիսկոպոսներուն որ ներկայ էին արարողութեան ըսելով` ''խաղաղութեան ողջոյնը որ քիչ ետք պիտի փոխանակեմ (անոնց հետ) նշան է` Հռոմի Եպիսկոպոսի երախտագիտութեան հանդէպ այս հասարակութիւններուն, որոնք Քրիստոսի Անունը դաւանեցին օրինակելի հաւատարմութեամբ, յաճախ վճարուած` սուղ գինով ։ Անոնց միջոցաւ - ըսաւ ապա Քահանայապետը - կ՛ուզեմ իմ ողջոյնս ուղղել բոլոր Քրիստոնեաներուն որ կ՛ապրին Սուրբ Երկիր, Սուրիայ ու համայն Արեւելքի մէջ, որպէսզի ամէնքն ալ կարենան ընդուիլ խաղաղութեան եւ անդորրութեան պարգեւը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա մեկնաբանեց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումները ուր կը խօսուի Քրիստոսի կեդրոնականութեան մասին.` Քրիստոս արարչութեան կեդրոնն է, ժողովուրդին ու պատմութեան կեդրոնն է` ըսաւ Քահանայապետը։ Ան արարչութեան Անդրանիկն է, անոր մէջ ու անոր միջոցաւ ստեղծուեցաւ ամէն ինչ։
Հաւատացեալին մօտեցումը այն է` ընդունիլ եւ ընկալել կեանքին մէջ` Յիսուս Քրիստոսի այս կեդրոնականութիւնը, մտքով, խօսքով ու գործով։ Երբ այս կեդրոնը կորսուի եւ ուրիշով փոխարինենք զայն, միայն վնասներ կը կրենք։ Բացի արարչութեան կեդրոնը ըլլալէ, Քրիստոս է նաեւ Աստուծոյ ժողովրուդին կեդրոնը` - ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը- Քրիստոսը, Դաւիթի տոհմէն, այն Եղբայրն է` որուն շուրջ կը կազմուի ժողովուրդը, եւ որուն հանդէպ Ինք հոգատար է մինչեւ իսկ կեանքը տալով։ Անոր մէջ մենք մէկ ենք եւ իրեն միացած, կը բաժնեկցինք միակ ճանապարհ ու միակ ճակատագիր։ Ի վերջոյ Քրիստոս մարդկային պատմութեան եւ ամէն մէկ անհատի կեդրոնն է - յարեց Սրբազան Պապը - Անոր կրնանք փոխանցել մեր ուրախութիւններն ու մեր յոյսերը, մեր ցաւերն ու մեր մտահոգութիւնները եւ երբ Յիսուս մեր կեանքի կեդրոնն է` նոյնիսկ մեր էութեան ամէնէն մութ պահերը կը լուսաւորուին` Ան մեզի յոյս կը պարգեւէ, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ իրեն հետ խաչուած աւազակին։ Մինչ բոլորը Յիսուը կը նախատէին ըսելով ''Եթէ դուն ես Քրիստոսը, Մեսիան, ազատէ ինքզինքդ'', այդ մարդը, որ իր կեանքի ընթացքին սխալներ գործած էր, Խաչեալ Քրիստոսին կը յանձնուի պաղատելով` ''Յիսուս յիշէ զիս երբ գաս քու Արքայութեամբդ'', եւ Յիսուս անոր կը խոստանայ` ''Ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի, այսօր իսկ ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ''։ Յիսուս ներումի եւ ոչ թէ դատապարտումի խօսքեր կ՛ուղղէ ու երբ մարդը քաջութիւնը կը գտնէ այդ ներումը հայցելու Տէրը կը դրական կը համապատասխանէ այդ խնդրանքին։
Յիսուսի խոստումը աւազակին, մեզի կը ներշնչէ մեծ յոյս մը։ Տէրը միշտ առատութեամբ կու տայ, Անորմէ կը խնդրես որ յիշէ քեզ եւ Ինք քեզ կը մտցնէ իր Արքայութեան մէջ` ''Յիսուս մեր ուրախալի իղձերուն եւ մեր փրկութեան իսկական կեդրոնն է'' - ըսաւ Քահանայապետը - ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները խնդրելու ''Տիրոջմէն որ մեզ յիշէ, վստահ ըլլալով որ Անոր անհուն ողորմութեամբ, Դրախտին մէջ պիտի կարենանք բաժնեկցիլ իր Փառքը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.